Ատրպէյճանն արգիլուած ողկուզային ռումբեր կիրառած է հայերու դէմ. Արեւմտեան ԶԼՄ-ները

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը արգիլուած ողկուզային ռումբեր (cluster bomb) կ'օգտագործեն հայերուն դէմ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Dailymail-ը, այս մասին հաստատած են արեւմտեան լրատուամիջոցներու լրագրողները, որոնք այցելած են Արցախ:
Լրատուամիջոցը մասնաւորապէս գրած է՝ 5 հոկտեմբերին եղան տեղեկութիւններ, որ կ'օգտագործուին ողկուզային հրթիռներ, որոնք գործարկելու ժամանակ կը տարածուին պայթուցիկ ռումբեր: Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ ուժեղ հրետակոծութենէն ետք Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեսած են չպայթած փոքր ռումբեր: Այս մասին գրած է նաեւ Telegraph-ը՝ նշելով, որ Ատրպէյճանը ողկուզային ռումբեր օգտագործած է քաղաքացիական տարածքներուն վրայ:
Ողկուզային ռումբերու օգտագործումը որեւէ հանգամանքներու տակ արգիլուած է միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեամբ: