Անգարա կը շարունակէ թախանձել. Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները առաջուան փայլը չունին

Թուրքիան խնդրած է ԱՄՆ-էն չեղարկել առեւտրային արգելապատնէշը երկու երկիրներու միջեւ, երկկողմանի առեւտուրի ծաւալներու կտրուկ աճին ուղղուած բանակցութիւններու ժամանակ: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարը:
Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Ուաշինկթընն ու Անգարան յաւակնոտ նպատակ սահմանած են՝ չորս անգամ մեծցնել առեւտուրի ծաւալները, հասցընելով տարեկան մինչեւ 100 միլիառ տոլարի:
Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուխսար Փեքանը ԱՄՆ-ի նախարար Ուիլպըր Ռոսին յայտնած է որոշակի արգելքները հեռացնելու յստակ ակնկալիքի մասին, որ կը խոչընդոտէ երկկողմանի առեւտուրի հեռանկարները:
Նշենք, որ Մայիսին Սպիտակ տունը յայտարարած էր, որ պիտի դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ արտօնեալ առեւտրային համաձայնագրի գործողութիւնը՝ նշելով, որ Թուրքիոյ տնտեսական զարգացման մակարդակը թոյլ չի տար, որ այն այլեւս իրաւունք ունենայ աջակցութիւն ստանալու:
Թուրքիան կրնայ նաեւ բախուիլ ՆԱԹՕ-ի մէջ իր դաշնակիցի սահմանած պատժամիջոցներուն՝ Յուլիսին Ս-400-ի մատակարարման կապակցութեամբ:
Փեքանը ըսած է, որ կողմերը քննարկած են Թուրքիոյ արտահանման ծաւալներու մեծացումը՝ քաղաքացիական օդային թռիչքներու, մեքենաշինութեան, ոսկերչութեան, կահոյքագործութեան, կերպասի եւ հագուստի արտադրութեան ոլորտներու մէջ:
ԱՄՆ-ի դեսպանատունը յայտարարած է, որ Ռոսն ու փեքանը համաձայնութեան եկած են, որ 10 միլիառ տոլարի չափով առեւտուրի ծաւալը աւելցնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ երկու կողմերու լարուած աշխատանքը: Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ 2017 թուականին Թուրքիոյ հետ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 24 միլիառ տոլար: