Այժմ ամենայարմար պահն է ԱՄՆ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար. Թէտ Լիու

2019-10-15
Image

Այժմ ամենայարմար պահն է, որ ԱՄՆ-ը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Թէտ Լիուն:

«Այժմ ամենայարմար պահն է, որ ԱՄՆ-ը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բաւականին երկար ժամանակ է, որ այնպիսի նախագահներ, ինչպիսին Տանըլտ Թրամբն է, կը վախնան ճանչնալ պատմական իրողութիւնը՝ ելլելով Թուրքիոյ հանդէպ յարգանքէն: Թուրքիան այլեւս արժանի չէ մեր յարգանքին կամ օգնութեան»,- գրած է քոնկրէսականը: