ԱՄՆ-ն անհանգստացած է Ղարաբաղի պատերազմին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնով

Միացեալ Նահանգները ծայրաստիճան մտահոգուած է այն դերով, որ Թուրքիան խաղցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններուն: Այս մասին երեքշաբթի օր յայտարարած է Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիկըրը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Մենք շատ հարցեր ունինք այնտեղ Թուրքիոյ դերի վերաբերեալ: Մենք ծայրաստիճան մտահոգուած ենք եւ այդ մտահոգութիւնը յայտնած ենք Թուրքիոյ դերի, օտարերկրեայ կործանիչներու տեղափոխման, զէնքի առաքման քննարկումներուն: Այս հարցերը մտահոգիչ են եւ կը մնան Թուրքիոյ ու Ռուսաստանի հետ մեր երկխօսութեան մէկ մասը»,-ըսած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան աշխատակիցը: Ան ելոյթ ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրէսին կից Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողովի (Հելսինքեան յանձնաժողով) անդամներու համար ճեպազրոյցի ժամանակ: