ԱՄՆ-ի մէջ «Քորոնա» ժահրի զոհերու թիւը գերազանցած է 23 000-ը

2020-04-14
Image

ԱՄՆ-ի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 23 հազարը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռիա նովոսթի»-ն՝ յղում տալով Ճոնս Հոփքինզի համալսարանի տուեալներուն:

Նշուած է, որ հաշուի առնուած են «Քորոնա» ժահրէն մահուան վերաբերեալ դաշնային եւ տեղական աղբիւրներու տուեալները:

Ընդհանուր առմամբ գրանցուած է վարակման 568 176 դէպք, 23 070 մարդ մահացած է: Ե՛ւ վարակումներու, ե՛ւ մահուան ցուցանիշով ԱՄՆ-ն ամբողջ աշխարհի մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ, հակառակ որ մահացողներու թիւը վերջին 3 օրերուն նուազման միտում ունի: