ԱՄՆ-ը պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ դէմ

ԱՄՆ-ը պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ դէմ: Պատժամիջոցները սահմանուած են Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարմնի (SSB) նկատմամբ` համաձայն «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակահարուած տալու մասին» օրէնքի (CAATSA) 231-րդ յօդուածի՝ «Ռոսօպորոնէքսփորթ»-ի հետ С-400 զէնիթահրթիռային համակարգեր գնելու խոշոր գործարքին գիտակցաբար մասնակցելու համար:
Պատժամիջոցները կը ներառեն SSB-ի համար ԱՄՆ արտահանման բոլոր վկայագրերու եւ թոյլտւութիւններու արգելք, դրամատնային հաշիւները պիտի սառեցուին, իսկ վիզայի սահմանափակումները պիտի սահմանուին տարածաշրջանի ղեկավար Իսմայիլ Տեմիրի եւ SSB-ի այլ աշխատակիցներու նկատմամբ:
«Միացեալ Նահանգները ամենաբարձր մակարդակով Թուրքիոյ բազմիցս հասկցուցած է, որ С-400 համակարգի գնումը կը վտանգէ ԱՄՆ ռազմական սարքերու եւ անձնակազմի անվտանգութիւնը եւ զգալի միջոցներ կը տրամադրէ Ռուսաստանի պաշտպանական հատուածին, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանին հնարաւորութիւն կու տայ մուտք ունենալ դէպի Թուրքիոյ զինուած ուժեր եւ պաշտպանական արդիւնաբերութիւն: Այնուամենայնիւ, Թուրքիան որոշած է շարունակել գնել եւ փորձարկել С-400-ը, հակառակ ՆԱԹՕ-ի հետ համատեղելի այլընտրանքային համակարգերու առկայութեան, որոնք կը բաւարարեն անոր պաշտպանութեան պահանջները: Այս որոշման հետեւանքով կասեցուած է Թուրքիոյ մասնակցութիւնը F-35 Joint Strike Fighter միջազգային գործընկերութեան:
Այսօրուայ գործողութիւնը յստակ ազդանշան է այն բանի, որ Միացեալ Նահանգները լիովին կը պահպանէ CAATSA-ի 231-րդ յօդուածը եւ չի հանդուրժեր ռուսական պաշտպանական եւ հետախուզական գործակալութիւններու հետ խոշոր գործարքներ: Ես նաեւ կոչ կ'ընեմ Թուրքիոյ անյապաղ լուծելու С-400-ի խնդիրը` համաձայնեցնելով ԱՄՆ-ի հետ: Թուրքիան ԱՄՆ-ի գնահատուած դաշնակիցն է եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործընկերը, եւ մենք կը ձգտինք շարունակել պաշտպանական ոլորտի մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մեր երկար պատմութիւնը` հնարաւորինս շուտ վերացնելով Թուրքիոյ С-400 սեփականութեան իրաւունքի հետ կապուած խոչընդոտը»,-ըսուած է ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէոյի յայտարարութեան մէջ: