ԱՄՆ-ը Թուրքիայի համար արտադրված F-35 կործանիչները կտա Հունաստանին

Համաշխարհային մամուլի մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ յայտնուած են Յունաստանի ու ԱՄՆ–ի ռազմական գործարքի մասին, որով ԱՄՆ-ը համաձայնած է Թուրքիոյ համար արտադրուած F-35 կործանիչները յանձնել Յունաստանին։
Ամերիկայի մէջ գործող հրէական Jewish Press կայքը գրած է, որ ԱՄՆ–ը Յունաստանի ռազմաօդային ուժերուն պիտի փոխանցէ F-35 ժամանակակից կործանիչներ, որոնք նախապէս արտադրուած էին Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն համար, սակայն մնացած են ԱՄՆ-ի մէջ, քանի որ Թրամբը զայրացած էր Էրտողանէն։
Իսկ զայրոյթի պատճառը, ըստ պարբերականի, Ռուսաստանէն Ս-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու ձեռքբերումը եղած է:
«ԱՄՆ-ը Թուրքիան հեռացուցած է F-35 համատեղ հարուածային կործանիչներու ծրագրէն այս ամրան՝ Ս-400-ները Ռուսաստանէն ձեռք բերելու նախագահ Էրդողանի որոշումէն ետք, որոնց առաջին մարտկոցը մատակարարուած էր այս տարուան յունիսին»,– գրած է Jewish Press –ը։
Յունական Estia թերթն ալ գրած է, որ Յունաստանին F-35 կործանիչներ մատակարարելու հարցը քննարկուած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի եւ անոր յոյն գործընկերոջ միջեւ: Հրատարակութեան տուեալներով ՝ ԱՄՆ-ը մտադիր է Յունաստանին մատակարարել 20 հատ F-35, որոնցմէ առաջին 6-ը Թուրքիոյ համար արտադրուած, բայց ԱՄՆ մնացած օդանաւերն են։
Յունական Greek City Times պարբերականն ալ գրած է, որ յունա–ամերիկեան այս գործարքը միայն կործանիչներով պիտի չսահմանափակուի։
Ըստ թերթին` ԱՄՆ–ը մտադիր է Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած իր ռազմակայանին մէջ առկայ ՆԱԹՕ-ի միջուկային արհեստագիտութիւնը տեղափոխել յունական Քրեթէ կղզի։
«Յունաստանը յայտարարած է, որ յունական կղզիներէն մէկուն մօտ նաւ ուղարկելու Անգարայի որոշումը մեծ լարուածութիւն եւ ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնէ տարածաշրջանի խաղաղութեան: Յունաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչը երկուշաբթի օր, արձագանգելով այդ հարցին եւ հեգնանքով դիմելով թուրք գործընկերներուն, ըսած է. «Թուրքիան ցոյց տուաւ, որ իր խօսքերը վստահութեան արժանի չեն»»,– գրած է Greek City Times–ը։