Ամերիկեան նոր ռազմանաւը պիտի կոչուի հայ անուանի զօրավար՝ Իգնատիուսի անունով

Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու հրամանատարութիւնը իր նոր ռազմական նաւը՝ «Arleigh Burke-class guided missile destroyer» պիտի անուանէ հայկական ծագումով ամերիկացի յայտնի զինուորական Փոլ Իգնատիուսի (Իգնատոսեան) պատուին, այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Ըստ աղբիւրին, նաւու պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 27 յուլիսին, Ֆորտ Լոտըրտէյալ նաւահանգիստին մէջ:
ԱՄՆի Ռազմածովաին ուժերու քարտուղար Ռիչըրտ Սփենսըրի համաձայն, նոր ռազմական նաւը կ'ընդգրկէ օդային, ստորջրեայ, վերջրեայ, հակահրթիռային պաշտպանութեան եւ հարուածող ուժի հնարաւորութիւնները:
Նշենք, որ Փոլ Ռոպերթ Իգնատիուսը ծնած է Կլանտէյլ, հայ գաղթականներ՝ Յովսէփ եւ Էլիզա Իգնատոսեաններու ընտանիքին մէջ:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազի ընթացքին, որպէս կամաւոր զօրագրուած է բանակ: 1964-1967 թուականին Իգնատիուս ստանձնած է պաշտպանութեան քարտուղարի նիւթաթեխնիքական ապահովման ու սարքերու հարցերու տեղակալի պաշտօնը:
1967ին նախագահ Լինտոն Ճոնսի օրով, ան դարձած է Միացեալ նահանգներու Ռազմածովային ուժերու քարտուղար մինչեւ 1969: