Ամերիկա կը շարունակէ սեղմել օղակը Թուրքիոյ դէմ. Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծը

11 Սեպտեմբերին Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծ AB 1320-ը՝ նահանգային 40 ծերակուտականներէն 33-ի՝ կողմ եւ մնացած 7-ի՝ ձեռնպահ քուէարկութեամբ, հաղորդած է Ամերիկայի հայկական համագումարը:
Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Անդրէաս Պորկեասը (Հանրապետական-8-րդ շրջան), որուն շրջանին մէջ ընդգրկուած է Քալիֆորնիոյ Սան Խոաքին Վելին, պատասխանատու էր այս օրինագիծը նահանգային սենատի ամպիոնէն ներկայացնելու եւ առաջ մղելու ամբողջ գործընթացի ղեկավարման համար: Այս մասին յայտնած են Ամերիկայի հայկական համագումարի մամլոյ ծառայութենէն:
AB 1320-ը այժմ տեղափոխուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմին, ուր երկու կուսակցութիւններուն կողմէ ստացած է լայնածաւալ աջակցութիւն եւ ուր այն պիտի դրուի երկկողմ քուէարկութեան՝ նախքան Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւին Նիւսոմին ուղարկուիլը:
Այս օրէնսդրական նախագիծը ներկայացնողն ու անոր գլխաւոր հեղինակը Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմնի անդամ Ատրին Նազարեանն է (Դեմոկրատ-46-րդ շրջան). օրէնսդրական նախագիծը պաշտօնապէս յայտնի է «Հանրային ծառայողներու կենսաթոշակային համակարգեր, արգիլուած ներդրումներ. Թուրքիա» անուամբ:
Օրինագիծը կ'արգիլէ Քալիֆորնիոյ հանրային կենսաթոշակային գործակալութիւններուն` CalPERS-ին եւ CalSTRS-ին, կատարել նոր ներդրումներ կամ շարունակել Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ թողարկուող եւ վերահսկուող պարտքային արժեթուղթերուն եւ պարտատոմսերուն մէջ գոյութիւն ունեցող ներդրումները՝ մինչ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը կիրառէ պատժամիջոցներ Թուրքիոյ նկատմամբ` վերջինիս կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետականօրէն մերժելու համար: