Ամերիկացի գործիչը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Սենաթի առջեւ քննարկելէ

2019-11-14
Image

Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհըմ արգելափակած է Ծերակոյտին կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը, կը հաղորդէ News.am-ը:

«Ես նոր հանդիպեցայ Էրտողանի եւ նախագահ Թրամբի հետ եւ խօսեցայ խնդիրներու մասին, որոնց դէմ հանդիման կը գտնուինք Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներխուժման պատճառով: Ես յոյս ունիմ, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը կրնան միասին լուծել այդ խնդիրը»,- ըսած է Կրեհըմ Ծերակոյտի` հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուող նիստի ժամանակ:  Կրեհըմ, որ կը համարուի Թրամբի մօտ դաշնակիցը, աւելցուցած է, որ ծերակուտականները  «պէտք չէ ոչ գունազարդեն, ոչ ալ նորէն գրեն պատմութիւնը»:

Քոնկրէսի վերին պալատի օրէնսդրութեան համաձայն՝ ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը կրնայ կասեցնել օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը:

Նիստի ժամանակ բանաձեւը առաջարկած է ընդունիլ Սենաթի միջազգային յարաբերութիւններու կոմիտէի դեմոկրատ անդամ Ռոպերթ Մենընտըսը:

«ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ազնուօրէն արտացոլէ մարդու իրաւունքներու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու խախտումները, ինչպէս նաեւ էթնիք զտումներն ու ցեղասպանութիւնը»,- յայտարարած է Մենընտըսը: