Ահմետ Տաւութօղլու. Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշերը

Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշները: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն, կը գրէ Israel Hayom թերթը:
Թերթը նշած է, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Թուրքիոյ մէջ վերջին 3 օրերուն վարակուած է 1491-1549 մարդ, 26-39 մարդ մահացած է: 83 մլն բնակչութիւն ունեցող երկրի համար այդ լաւ թիւ է, սակայն աշխարհը կասկածի ունի այդ թիւերուն մասին:
Թուրքիան կը մնայ «կարմիր» երկիր այն պատճառով, որ երկրի նախագահ Ռեճէպ Էրտողանն ու առողջապահութեան նախարար Ֆահրէտին Քոճան կը թաքցնեն իրական թիւերը: Այժմ Էրտողանը քննադատութեան կ'արժանանայ իր ոչ միայն ընդդիմադիրներուն կողմէն, այլ նաեւ իր նախկին դաշնակից, նախկին վարչապետ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի կողմէն:
Թերթը նշած է, որ սա առաջին դէպքն է, երբ կը քննադատեն «տունէն»: «Ճիշդ է, Տաւութօղլուն այլեւս Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան անդամ չէ, սակայն քաղաքական առաջնորդ է, որ կ'աջակցի նէօ-օսմանիզմին: Բացի այդ, Տաւութօղլուն ակադեմիկոս է, քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆեսոր: Այդ տեսանկիւնէ ան շահեկան դիրքի վրայ է»,-գրած է թերթը:
Տաւութօղլուն նաեւ յայտարարած է, որ ԱԶԿ-ը դարձած է «ընտանեկան կուսակցութիւն»:
«Ամբողջ Թուրքիոյ մէջ վարակման ծաւալներու մշտական բնոյթը անտրամաբանական է: Թրքական տնտեսութիւնը այնքան փխրուն է, որ մենք չենք կրնար նոր քարանթին մեզի թոյլ տալ»,-կարծիք յայտնած է բժիշկ Էյթան Քոէն Եանարոչաքը: