Ահաբեկիչները թիրախ կը դարձնեն Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետն ու անոր հայրը

2019-11-12
Image

Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները սպանած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը` Տէր Աբրահամ քահանայ Պետոյեանը:

Անոնք սպանուած են մեքենայով Տէր Զօր ուղեւորուելու ճանապարհին: Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է հովուապետի մանկութեան ընկեր Յակոբ սարկաւագ Պարսումեանը, ահաբեկիչները կրակ բացած են անոնց մեքենայի ուղղութեամբ:

Սարկաւագը ըսած է, որ հովուապետը ծնած եւ մեծցած է Սուրիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ ձեռնադրուելէ ետք վերադարձած եւ ծառայութիւնը շարունակած է Սուրիոյ մէջ։

Ան նաեւ պատմած է, որ մեծ պայթում տեղի ունեցած է Գամիշլիի մէջ։ Assosiated press-ի հաղորդմամբ, ընդհանուր 3 պայթում որոտացած է, զոհերու թիւը ութն է, անոնց մէջհայեր չկան։

Սարկաւագը շեշտած է, որ այս պայթումներն ու սպանութիւնը իրար հետ կապ չունին։