Ալիեւ փոխած է հռետորաբանութիւնը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը փոխած է հռետորաբանութիւնը: Դեռ քանի մը օր առաջ բանակցութիւններու վերսկսման համար նախապայմաններ առաջ քաշող Ալիեւը արդէն սկսած է խօսիլ բանակցութիւններուն վերադառնալու մտադրութիւններուն մասին:
Ան, խօսելով ռուսական «Առաջին ալիքի» եթերին, նշած է, որ մտադիր է վերադառնալ բանակցային սեղանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու փուլի աւարտէն ետք: «Երբ աւարտի ռազմական դիմակայման փուլը, մենք կը վերադառնանք բանակցութիւններու սեղանին: Ի դէպ, Ատրպէյճանը մարտական գործողութիւններու ամենասկիզբէն ալ ըսած է, որ մենք բանակցային գործընթացէն դուրս չենք գար, մենք կ'ակնկալենք քաղաքական լուծում»,-նշած է ան:
Ակնյայտ է, որ հայկական զինուած ուժերու ջախջախիչ յաջողութիւններէն ետք Ատրպէյճանի նախագահը վերանայած է իր մօտեցումները: Նախապայմաններու առաջքաշման անոր յայտարարութիւններէն ետք միջազգային հանրութիւնը եւս աշխոյժացուցած է կոչերը՝ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու դադարեցման մասին: Ատոր ուղղուած էր նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու՝ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի յայտարարութիւնը: