Ալիեւը դեռ չի գիտակցիր իր յաղթանակի հսկայական գինը` Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը․ The National Interest

Ձեռներեցութեան ամերիկեան հիմնարկի գիտաշխատող, վերլուծաբան Մայք Ռուպինն անդրադարձած է Պաքուի մէջ 10 դեկտեմբերին կայացած «Յաղթանակի» շքերթին՝ ակնարկելով, որ Ալիեւը կարճաժամկէտ յաղթանակ նշած է: Ան վերլուծած է նաեւ արցախեան վերջին պատերազմի հետեւանքները ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի համար: Հեղինակը նշած է, որ Ալիեւը դեռ չէ հասկցած, թէ ինչ գին կը վճարէ այս յաղթանակի համար։
«Ան դեռ չի գիտակցիր իր յաղթանակի հսկայական գինը` Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը: Ռուսաստանն ու Թուրքիան իրենց ուժերը տեղակայած են Ատրպէյճանի տարածքին մէջ: Թուրքիան նաեւ քանի մը հազար վարձկաններու կը կառավարէ, որոնց Ատրպէյճան տեղափոխած է Սուրիայէն, Լիպիայէն եւ արաբական այլ երկիրներէն: Այս ուժերէն եւ ոչ մէկն Ալիեւի վերահսկողութեան տակ չեն: Ե՛ւ Մոսկուան, ե՛ւ Անգարան կրնան հեշտութեամբ ուղղել անոնք Ալիեւի եւ անոր ընտանիքի դէմ, եթէ ան փորձէ չափէն շատ շեղիլ Էրտողանի կամ Փութինի թելադրանքէն»,- ըսուած է վերլուծաբանի յօդուածին մէջ, որ հրապարակուած է The National Interest պարբերականին մէջ:
Ինչպէս ան նկատած է, «Ալիեւը կրնայ կեդրոնանալ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, սակայն Փութինի համար այս խաղը շատ աւելի մեծ է եւ կ'ընդլայնէ իր տիրապետութիւնը Կովկասի մէջ, եթէ ոչ նաեւ՝ սահմաններէն այն կողմ»: «Այդ ոչ թէ տարածքներու ընդլայնում է, այլ կառավարման բնոյթի: Վերջին կովկասեան պատերազմին Փութինը կրկին յաղթած է՝ ազդանշան տալով տարածաշրջանին, որ ռուսական մենատիրականութիւնը անվտանգութիւն կ'առաջարկէ, մինչդեռ լիպերալ ժողովրդավարութիւնը միայն քաոս եւ տարածքային կորուստներ կը բերէ»,- գրած է հեղինակը:
Ռուպինը նշած է, որ ո՛չ Թրամփի, ո՛չ ալ Օպամայի վարչակազմերը անհրաժեշտ ուշադրութիւն դարձուցած են Կովկասին: «Անոնց ռազմավարական անտարբերութիւնն անյաջողութիւն էր՝ ոչ միայն տարածաշրջանի ռազմավարական նշանակութեան պատճառով, այլեւ անոր մշակութային արժէքի: 301 թուականին Հայաստանի թագաւորութիւնը Քրիստոնէութիւն ընդունեց՝ այն առաջինը հռչակելով որպէս պետական կրօն եւ դառնալով հնագոյն քրիստոնէական երկիրն աշխահի մէջ»,- նշած է յօդուածագիրը:
Վերջինս աւելցուցած է, որ Հարաւային Կովկասի երեք պետութիւններն ալ արդէն ժողովրդավարական յեղափոխութեան փորձ ունեցած են:
«…Հայաստանը, ոը, թերեւս, մշակութային առումով Ռուսաստանին ամենամօտ երկիրն է, նոյն ուղիով գացած է. նախկին լրագրող Նիկոլ Փաշինեանն իշխանութեան եկաւ 2018 թուականին զանգուածային ցոյցերու շնորհիւ… Փաշինեանը մեծապէս կը ձգտէր չէզոքութիւն դրսեւորել արտաքին քաղաքականութեան հարցով: Մինչդեռ ան ոչինչ ըրաւ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի ազդեցութեան մարտահրաւէր նետելու համար»,- նկատած է վերլուծաբանը:
«Հայերը, թերեւս, հիասթափուած են այն հանգամանքէն, որ Ռուսաստանը շատ բան չէ ըրած Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին իրենց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ պաշտպանելու համար, սակայն ետ նայելով կարելի է փաստել, որ Հայաստանին եւ յատկապէս Արցախի չճանչցուած հանրապետութեան պաշտպանելը երկրորդական էր այն դասի համեմատ, որ Քրեմլը նախապէս արդէն տուած էր Ատրպէյճանին եւ Վրաստանին. այն է, որ ժողովրդավարական յեղափոխութիւնները կրնան կարճաժամկէտ քաղաքական ազատութիւն բերել, սակայն անոնք կը յանգեցնեն նաեւ տարածքային կորուստներու եւ ինքնիշխանութեան ոչնչացման»,- եզրափակած է Ռուպինը:
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը 10 նոյեմբերին ստորագրած է եռակողմ յայտարարութիւն, որով Ատրպէյճանին կ'անցնին Արցախի եօթ շրջանները, Շուշին ու Հատրութը, բացառութեամբ մէկ գիւղի, գիւղեր Ասկերանի ու Մարտունիի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը:
Ըստ այդ յայտարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գիծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը տեղակայուի Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ, այդ շարքին՝ հրաձգային զէնքով զինուած 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր զրահամեքենայ եւ յատուկ սարքեր: