« «Քորոնա» ժահրը մեր սերունդի մեծագոյն առողջապահական ճգնաժամն է». ՄԱԿ

2020-06-05
Image

Ելոյթ ունենալով Պատուաստանիւթերի հարցով համաշխարհային գագաթնաժողովին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշը յայտարարած է, որ «Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթը պէտք է դիտարկուի որպէս «ժողովրդական պատուաստանիւթ»:

««Քովիտ-19»-ը մեր սերունդի մեծագոյն առողջապահական ճգնաժամն է, եւ այս պահուն մենք ոչ մէկ պատուաստանիւթ ունինք: Քանի որ միասին կ'աշխատինք այն ստեղծելու ուղղութեամբ, կարեւոր դաս ունինք քաղելու: Պատուաստանիւթը ինքնին բաւական չէ. մենք համաշխարհային համերաշխութեան կարիք ունինք, որպէսզի վստահ ըլլանք, որ իւրաքանչիւրի համար հասանելիութիւն կ'ունենայ: «Քովիտ-19»-ի պատուաստանիւթը պէտք է ծառայէ համաշխարհային հասարակութեան, այն պէտք է ըլլայ ժողովրդական պատուաստանիւթ»,- CNN-ի փոխանցմամբ՝ հինգշաբթի յայտարարած է միջազգային կամզակերպութեան ղեկավարը:

Պատուաստանիւթերու հարցով համաշխարհային գագաթնաժողովը առցանց ժողով է, որ հրաւիրած է Մեծ Բրիտանիան՝ համաշխարհային առաջնորդներու հետ համագործակցութեան եղանակներ քննարկելու եւ «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթի ստեղծումը ֆինանսաւորելու համար:  

Ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց թիւը գերազանցած է 6,6 մլն-ը, մահացածներունը՝ 380 000-ը: