«Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւով Պրազիլը աշխարհի մէջ յայտնուած է երկրորդ տեղը

2020-06-13
Image

«Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւով Պրազիլը առաջ անցած է Մեծ Բրիտանիայէն եւ յայտնուած է երկրորդ հորիզոնական։ Այս մասին կը վկայեն երկրի Առողջապահութեան նախարարութեան թարմացուցած տուեալները, կը փոխանցէ TASS-ը։

Վերջին 1 օրուան մէջ հարաւամերիկեան հանրապետութեան մէջ մահուան դէպքերու թիւը աւելցած է 909-ով՝ հասնելով 41 828-ի։ 1 օրուան մէջ ի յայտ բերուած է վարակման 25 982 նոր դէպք։ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 828 810-ի։ Առողջացած է 365 063 հիւանդ, որմէ 19 468-ը՝ վերջին 1 օրուան մէջ։

Երկրին մէջ վարակի տարածման գլխաւոր օճախը կը մնայ Սան Փաուլօ նահանգը, որուն բաժին հասած է վարակման դէպքերու 168 հազարը եւ մահուան դէպքերու 10 368-ը։ Երկրորդը Ռիօ տե Ժանէյրոն է (77 784 վարակակիր, 7 417 մահ)։