«Մենք պատրաստ չէինք «Քորոնա» ժահրին, բայց դիմակայեցինք». Մաքրոն 1 ամիսով երկարաձգած է արտակարգ դրութեան ռեժիմը

2020-04-14
Image

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մէկ ամիսով երկարաձգած է «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով երկրի մէջ սահմանուած արտակարգ դրութեան ռեժիմը:

Ինչպէս կը փոխանցէ CNN-ը, այս մասին ֆրանսացի նախագահն ըսած է ուղիղ հեռարձակման ժամանակ: Արտակարգ դրութեան ընթացքին սահմանուած խիստ միջոցներն ու փակ սահմանները պիտի պահպանուին մինչեւ 11 մայիս:

«Պարզ է, որ մենք պատրաստ չէինք «Քորոնա» ժահրին, բայց մենք դիմակայեցինք: Համավարակը դեռ չէ աւարտած, մենք պէտք է շարունակենք մեր ջանքերը եւ հետեւինք կանոններուն: Որքան լաւ պահպանենք այս կանոնները, այնքան աւելի շատ կեանքեր կը փրկուին», - ըսած է Մաքրոնը՝ աւելցնլով, որ դպրոցները պիտի բացուին 11 մայիսէն:

Ֆրանսայի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին 574 մարդ մահացած է «Քորոնա» ժահրէն՝ ընդհանուր մահացութեան ցուցանիշը հասցնելով 14 967-ի, վարակուածներունը՝ 136 779-ի: