«Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը հարցականի տակ» Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Թուրքիոյ զարգացումներով

2019-08-20
Image
Եւրոպական համայնքը խոր մտահոգութիւն յայտնած է, Թուրքիոյ մէջ եղած զարգացումներուն վերաբերեալ։ Այս մասին կը գրէ ռուսական «Ռիա Նովոստ»ին յղում կատարելով եւրոպական իր աղբիւրներուն։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան 3 քաղաքներու քաղաքապետերու անարդար կերպով իրենց պաշտօններէն հեռացուիը մտահոգիչ է, քանի որ հարցականի տակ կը դնէ այդ երկրին մէջ եղած ընտրութիւններուն ժողովրդավարական արդիւնքներու նկատմամբ յարգանքը։ Աւելի վաղ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած էր երկրի հարաւ-արեւելեան երեք քաղաքներու ՝ Վանի, Տիարպէքիրի եւ Մարտինի քաղաքապետերուն իրենց պաշտօններէն ազատելու մասին՝ զիրենք մեղադրելով «Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան» (ՔԱԿ-PKK) հետ կապերու ունենալու մէջ։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ երէկ նոյն խնդրով վերոնշեալ երեք քաղաքներուն մէջ իրականացուած են խուազրկութիւններ եղած, որուն հետեւանքով ալ ՔԱԿ-ի հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով ձերբակալուած են 418 անձեր։ Եւրոպական Միութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Թուրքիան պէտք է չեղարկէ այն միջոցառումները, որոնք կը խոչընդոտ են տեղական ժողովրդավարութեան զարգացմանը»։