«Զսպուածութեան կոչ» ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ

2019-10-10
Image

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ  Կութիերես մտահոգուած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ, ուր Թուրքիան ռազմական գործողութիւն կ՛իրականացնէ, տիրող իրավիճակով, կը յայտնէ Associated Press-ը`  յղում ընելով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաքին:

«ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը խորապէս մտահոգուած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններով: Բոլոր ռազմական գործողութիւնները պէտք է իրականացուին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներուն համապատասխան, պէտք է ապահովել քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու անվտանգութիւնը»,- պարզաբանած է ան ու աւելցուցած, որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կ՛ընդգծէ` Սուրիոյ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ  իւրաքանչիւր որոշումի պարագային պէտք է պահպանուին Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Նշենք, որ 9 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է Սուրիոյ մէջ «Խաղաղութեան ակունք» ռազմական գործողութեան մասին: