«Եւրոմիութի՛ւն, ուշքի եկո՛ւր վերջապէս». Էրտողանը կը սպառնայ ԵՄ-ին բանալ սահմանները փախստականներու առաջ

2019-10-11
Image

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը այսօր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նախագահութեան նիստի ժամանակ քննադատած է Եւրոմիութեան երկիրները, որոնք դատապարտած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնը Սուրիոյ մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Anadolu-ն:

Իր ելոյթին մէջ Էրտողանը նշած է, որ պաշտօնական Պրիւքսէլը միշտ ալ խաբեութեամբ զբաղուած եղած է եւ երբեք աչքի չէ ինկած անկեղծութեամբ: Թուրքիոյ նախագահը նշած է նաեւ, որ իրենց երկիրը ընդունած է 3,5 միլիոն սուրիացի փախստական, եւ «եթէ Եւրոպան մեր գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ անուանէ գրաւում, ապա մենք կը բանանք սահմանները փախստականներու առաջ»:

«Եւրոմիութի՛ւն, ուշքի եկո՛ւր վերջապէս»,-ըսած է ան: 

Եւրոմիութենէն բացի, Էրտողանը անդրադարձած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսին, որոնք նոյնպէս դատապարտած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնը Սուրիոյ տարածքին:

«Սէուտական Արաբիան նախ թող նայի հայելիի մէջ եւ պատասխան տայ Եմէնը ծանր դրութեան մէջ դնելուն համար: Սկիզբը թող ատոր պատասխանը տայ: Իսկ Եգիպտոսը ընդհանրապէս թող լռէ, քանի որ այնտեղ կ'իշխէ մարդ մը, որ սպանած է ժողովրդավարութիւնը իր երկրին մէջ»,- ըսած է Էրտողանը: