«Ես վստահ չեմ, որ կը կարողանանք խուսափիլ պատերազմէն»․ Զարիֆ

2019-09-24
Image

«Ոչ, ես վստահ չեմ, որ մենք կը կարողանանք խուսափիլ պատերազմէն»։ Այս մասին CBS News-ի Face the Nation հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարար Մուհամմետ Ճաուատ Զարիֆը։

«Ես վստահ եմ, որ մենք պատերազմ չենք սկսիր, եւ ով ալ այն սկսի,  ինք պիտի չըլլայ այն աւարտողը»,- յայտարարած է Զարիֆը, աւելցնելով, որ ցանկացած հնարաւոր հակամարտութիւն ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ «սահմանափակ» պիտի չըլլայ։

Իրանի ԱԳՆ ղեկավարը կրկին հերքած է սէուտական նաւթային կառոյցներու վրայ յարձակման մէջ ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Թեհրանին հասցէագրուող մեղադրանքները։ Ան քննադատած է Թրամբի վարչակազմը, տարածաշրջան լրացուցիչ ամերիկեան զօրքեր ուղարկելու համար։

Զարիֆը նաեւ նշած է, որ Իրանը պատրաստ է միջազգային քննիչներու խումբին թոյլատրել հետաքննել յարձակումը եւ պարզել մեղաւորը՝ պայմանով, որ անոնք պէտք է անաչառ ըլլան։ «Թոյլ տուէք անոնց հետաքքնել, քանի որ պիտի ինչ-որ հրաշք կատարուի, որպէսզի անոնք կարենան մեղադրել Իրանը»,- ըսած է Զարիֆը։