«Արցախեան պատերազմին պէտք է աջակցէինք Հայաստանին». իրանցի պատգամաւոր

2020-12-15
Image

Իրանի Խորհրդարանի պատգամաւոր Ահմատի Պիղաշը խորհրդարանական նիստին ունեցած ելոյթի ժամանակ անդրադարձած է արցախեան պատերազմին, Թուրքիոյ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ քննադատած եւ վիրաւորանքներ հնչեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հասցէին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։

Պիղաշը նշած է, որ իրանցի միջուկային գիտնականներու դէմ իրականացուած մահափորձերը Թուրքիոյ նախագահի վարած քաղաքականութեան հետեւանք են եւ աւելցուցած է․

«Մեր գիտնականներու սպանութիւններուն մէջ Նեթանիահուէն (Իսրայէլի վարչապետ) պակաս չէ նաեւ Էրտողանի դերը»։

Անոր խօսքերով՝ Էրտողանը կ'ուզէ պառակտել Իրանը, իսկ Թուրքիան տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքի ենթակապալառուն է։

Իրանցի պատգամաւորը անհրաժեշտութիւն յայտնած է աջակցելու ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ ծրագրուող պատժամիջոցներու որոշումները։

Անդրադառնալով արցախեան պատերազմին՝ ան ընդգծած է, որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար Իրանը պէտք է Հայաստանին աջակցէր՝ միաժամանակ անսալով Հոգեւոր առաջնորդի խօսքերուն առ այն, որ «գրաւեալ տարածքները պէտք է ազատուին»։

«Էրտողանին ուղղուած մեր արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը լաւ էր, բայց բաւարար չէ։ Մեր մահացու անփութութեան, խորհրդարանի ազերիախօս պատգամաւորներու լռութեան, ղեկավար կազմի անխոհեմութեան պատճառով Թուրքիոյ հիւանդ նախագահը Իրանը մասնատելու վարքագիծ կը դրսեւորէ։ Էրտողանը տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքի կեղտոտ քաղաքականութիւնը իրականացնողներէն է եւ անոր ձեռքերը թաթխուած են Իրաքի, Սուրիոյ ժողովուրդի, քիւրտերու, հայերու արիւնով եւ իր պապերու նման, որոնց ձեռքերն ալ թաթխուած են միլիոնաւոր ասորիներու, յոյներու, հայերու արիւնով (որոնց ցեղասպանութիւնը պատմութեան յայտնի է), նախորդ շաբաթ պաշտօնապէս յայտարարեց Օսմանեան կայսրի յաջորդ դերի մասին։

Վերջերս ան Պաքուի զօրահանդէսին Արաքս գետի մասին բանաստեղծութիւն կարդաց, եւ դիմելով Իրանի Ատրպէյճանի ժողովուրդին՝ յայտարարեց․ «Մենք ձեզմէ չենք բաժնուած, մեզի բռնութեամբ բաժնած են ձեզանէ» եւ ըսած, որ Արաքսը շուտով ուժ կ'առնէ։ Իրանի խորհրդարանի ազերի պատգամաւորներ, ո՞ւր էք։ Խորհրդարանի յարգարժան նախագահ եւ որոշ պատգամաւորներ, որ այժմ օրուգիշեր նախագահական ընտրութիւններով տարուած էք, գիտէ՞ք, որ Էրտողանը նախորդ շաբաթ Պաքուի զօրահանդէսին «Արազ» երգէն հատուած մը արտասանած է, որ խումբ մը պատեհապաշտներու համար Արաքսի երկու ափերուն բաժանութեան խորհրդանիշն է, Իրանի մասնատման գաղտնիքը։ Ժամանակը եկած է, որ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը վերադարձնենք իր գիծերուն»,- ըսած է ան: