«Անոնք ալ թշնամի են» Էրտողան ակնարկած է հայկական եւ յունական սփիւռքներուն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը նախօրէին ունեցած ելոյթի ժամանակ Թուրքիոյ թշնամիները թուարկելու ժամանակ ան յիշած է նաեւ հայկական լոպպիի մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»ը:
Էրտողանը ելոյթի ժամանակ անդրադարձած է իր գլխաւորած իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) եւ Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) դաշինքին, որ ժամանակ առ ժամանակ քննարկման առարկայ կը դառնայ:
Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը կը հանդիսանայ «Գորշ գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական ահաբեկչական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեանն ուղղակիօրէն ենթակայ «Գաղափարական օճախներ» կոչուող կազմակերպութիւններու միջոցով Թուրքիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ թշնամական տրամադրութիւններ կը տարածէ «ներքին եւ արտաքին թշնամիներու», այդ շարքին ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ։
Այս ծիրէն ներս Էրտողանը նշած է, որ աւելի պիտի ամրապնդեն Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան հետ դաշինքը եւ «պիտի շարունակեն համատեղ ընթացքը՝ հակառակ Թուրքիոյ վրայ բոլոր յարձակումներուն ու իրենց թիրախաւորող բոլոր խումբերու դաւադրութիւններուն»։
Թուրքիոյ նախագահը մասնաւորապէս ըսած է․ «Պիտի շարունակենք մեր սահմաններուն ուղղուած սպառնալիքներն ու ոտնձգութիւնները ետ մղել, ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւն տարածող ուժերը խեղդել իրենց բոյներուն մէջ։ Միինչեւ վերջ պիտի պաշտպանենք մեր իրաւունքները Միջերկրական ծովու, Կիպրոսի, Էգիական ծովու մէջ: Դաշտը պիտի չթողենք FETÖ-ին (Կիւլէնական կազմակերպութիւններ), PKK-ին (Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն), հայկական ու յունական լոպպիներուն, թշնամութիւն տարածող Պարսից ծոցի չար ուժերուն»։