62 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասաւ 1401-ի

2020-04-21
Image

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 62 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 21 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1401 է, արձանագրուած է մահուան 24 (աւելցած է եւս 2 դէպք) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 13 հազար 929 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 29-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 609։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 768 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ մահացողները եղած են 88 եւ 65 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։