28 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 1067-ի

2020-04-14
Image

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 28 նոր դէպք։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Մենք երէկ ունեցած ենք 685 քննութիւն, որմէ դրական եղած է 28-ը։ Շատ կարեւոր վիճակագրութիւն ունինք, որ առաջին անգամ մեր դրական դէպքերը գրեթէ կրկնակի աւելի քիչ են, քան առողջացման դէպքերը։ Երէկուայ դրութեամբ մենք 54 առողջացման դէպք ունեցած ենք։ Այսօր ունինք 786 աշխոյժ դէպք, այսինքն՝ աշխոյժ դէպքերու որոշակի նուազում ունինք։ Այս ալ առաջին անգամն է, երբ օրուայ արդիւնքով մեր վարակակիր հիւանդներու թիւը ոչ թէ կ'աճի, այլ կը նուազի»,- ըսած է Փաշինեանը։

Հայաստանի մէջ 14 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1067 է, արձանագրուած է մահուան 16 դէպք: Քննութիւններէն 8316-ը բացասական արդիւնք տուած է: Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 54-ով եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 265: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 786 հիւանդ:

Հայաստանի կառավարութիւնը 14 ապրիլին կայացած արտահերթ նիստին ընդունեց hանրապետութեան մէջ 2020 թուականի 16 մարտին յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը 2020 թուականի 14 ապրիլէն ժամը 17:00-էն` 30 օրով՝ մինչեւ 2020 թուականի 14 մայիսը ժամը 17:00-ը երկարաձգելու որոշում։ Երկրի մէջ պիտի գործէ խիստ սահմանափակումներու ռեժիմ: