Օնիկ Գասպարեանը նշանակուած է ԶՈՒ ԳՇ պետ, Արգիշտի Քեարամեանը ԱԱԾ տնօրէն, Վահէ Ղազարեանը ոստիկանապետ

2020-06-08
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոր նշանակումներ կատարելու որոշում կայացուցած է։ Այս մասին Փաշինեանը գրառում կատարած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին

«Սիրելի հայրենակիցներ, շարք մը կարեւոր որոշումներ կայացուցած եմ:

Ըստ որուն` զօրավար Օնիկ Գասպարեան կը նշանակուի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ:

Գնդապետ Արգիշտի Քեարամեան կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն:

Գնդապետ Վահէ Ղազարեան կը նշանակուի Ոստիկանութեան պետ:

Որոշումները իրաւականօրէն ուժի մէջ կը մտնեն Հանրապետութեան նախագահի կողմէ ստորագրուելէն ետք:

Զօրավար Արտակ Դաւթեանին, գնդապետ Էդուարդ Մարտիրոսեանին, գնդապետ Արման Սարգսեանին շնորհակալութիւն կը յայտնե այս ընթացքին կատարած աշխատանքի եւ ներդրած ջանքերուն համար»,- ըսած է Փաշինեան: