Օգնելու նպատակով Ֆրանսացի բժիշկներ Երեւան հասան. Նախարարը խօսած է այդ մասին

2020-06-15
Image

Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ՝ յատուկ չուերթով՝ ժամանած են Հայաստան՝ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ աջակցութիւն ցոյց տալու ՀՀ առողջապահական համակարգին: Այս մասին կը տեղեկանանք Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջէն։

Անոնք, ըստ նշուած տեղեկութեան, այսօր առաւօտ շատ կանուխ արդէն պիտի գտնուէին «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը իր հերթին այսօր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․

«Երէկ Ֆրանսայէն ժամանած մեր բժիշկ գործընկերները արդէն իսկ անցած են աշխատանքի «Քովիտով զբաղուով 3 խոշոր հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ԲԿ, Սուրբ Աստուածամայր ԲԿ եւ Վնասուածքաբանութեան եւ օրթոպեդիայի կեդրոն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր բոլոր գործընկերներուն անոնց այցը կազմակերպելու համար, այն իրապէս օգտակար պիտի ըլլայ մեզի համար»:

Օրերս «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութեան մասին յայտնած են Լիթվիան, Վրաստանը, Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութիւնը։