Քոչարեանը ազատ արձակելու հիմքեր չկան. Դատախազութիւն

Դատախազութիւնը կը համարէ, որ Սահմանադրական դատարանի 4 Սեպտեմբերի որոշման ուժով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդումը դադրեցնելու, անոր ազատ արձակելու հիմքեր չկան: Այս մասին ըսուած է Գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի տարածած պարզաբանման մէջ:
Նշելով, որ Սահմանադրական դատարանի յիշեալ որոշման «տրուած են մեկնաբանութիւններ, որոնք հիմնուած են առանձին պարբերութիւններու մեկուսի դիտարկումներու վրայ եւ չեն բխիր որոշման իմաստէն», Դատախազութիւնը, մասնաւորապէս, ընդգծած է. - «Ինչպէս արձանագրած է Սահմանադրական դատարանը, գործառութային անձեռնմխելիութիւնը ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 35-րդ յօդուածին մէջ որպէս քրէական վարոյթը բացառող հանգամանք նախատեսուած չէ: Հետեւաբար, բոլոր այն պարագաներուն, երբ կը պարզուի, որ քրէական հետապնդումը անհամատեղելի է անձի գործառութային անձեռնմխելիութեան հետ, իրաւասու մարմինն առարկայականօրէն զրկուած կ'ըլլայ այդ հիմքով տուեալ անձի նկատմամբ քրէական հետապնդում չյարուցելու կամ արդէն իսկ յարուցուած քրէական հետապնդումը դադարեցնելու, ինչպէս նաեւ կալանք չկիրառելու վերաբերեալ օրինական որոշում կայացնելու իրաւական հնարաւորութենէն, քանի որ կը բացակայի նման որոշում կայացնելու դատավարական հիմքը: Աւելի պարզ՝ ՀՀ Սահմանադրական դատարանը ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 35-րդ յօդուածը խնդրայարոյց համարած է այնքանով, որքանով այն չի նախատեսեր քրէական գործի վարոյթը կարճելու հիմք այն պարագային, երբ կը պարզուի, որ անձը կ'օգտուի գործառութային անձեռնմխելիութենէ եւ այն չէ յաղթահարուած»: