Քննութիւններէն ետք պարզուած է, որ «Քորոնա»ի նոր դէպքեր չկան

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի կասկածելի եւս 8 դէպքի քննութիւն եղած է. բոլորի պատասխանները բացասական եղած են, «քորոնա» ժահր չէ ախտորոշուած: Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Սիրելի հայրենակիցներ, երեկուայ իմ ուղիղ եթերէն ետք եւս 8 կասկածելի դէպքի քննութիւն տեղի ունեցաւ՝ բոլորը բացասական պատասխանով, այսինքն՝ «քորոնա» ժահր չէ ախտորոշուած:
Մեր միակ հաստատուած ախտորոշմամբ հիւանդի վիճակը նոյնն է. նոյնիսկ ջերմութիւն չունի: «Կոլտըն փալաս»ի ժողովուրդը նոյնպէս լաւ է:
Եթէ իրավիճակին մէջ փոփոխութիւն ըլլայ՝ կը տեղեկացնեմ: Եթէ այս թեմայով բան չհաղորդեմ, ուրեմն ամէն ինչ այնպէս է, ինչպէս գիտէք: Դուխով»,- գրած է վարչապետը: