Փութին շնորհաւորեց Նախագահ Սարգսեանը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ըսած է, որ Ռուսաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխոյժ շահագրգռութիւնը:
ՌԴ նախագահը այս մասին նշած է Արմէն Սարգսեանի ծննդեան օրուան առթիւ յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
«Համոզուած եմ, որ երկկողմ կառուցողական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը, եւրասիական ընդելուզման գործընթացներու շրջածիրէն ներս գործընկերային փոխգործակցութիւնը կը համապատասխանեն մեր եղբայրական ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն»,- ըսած է Վլատիմիր Փութինը: