Փութինն ու Մաքրոնը քննարկած են իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որու ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը, կը հաղորդէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ անոնք քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Փութինն ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը պիտի կայունանայ:
«Հանգամանալից քննարկուած է իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Ռուսաստանի նախագահը ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կը կայունանայ, իսկ 9 նոյեմբերին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու յայտարարութեան մէջ նշուած պայմանաւորուածութիւնները, ընդհանուր առմամբ, յաջորդաբար կը կատարուին: Ընդգծուած է ռուս խաղաղապահներու յաջողած աշխատանքը, որով Պաքուի եւ Երեւանի խնդրանքով կ'ապահովուի հրադադարի ռեժիմն ու քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Հաստատուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման տարբեր ուղղութիւններու շուրջ համակարգումը շարունակելու երկկողմանի պատրաստակամութիւն, մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջածիրէն ներս»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: