Փաշինեան շնորհաւորած է անկախ եւ ժողովրդավար Արցախի ժողովուրդը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Արցախի ժողովուրդը` ընտրութիւնները աւարտին հասցնելու առիթով` նշելով, որ Հայաստանը կը շարունակէ Արցախի հետ սերտ համագործակցութիւնը` ընդհանուր նպատակներուն հասնելու համար:
«Ես կը շնորհաւորեմ անկախ եւ ժողովրդավարական Արցախի ժողովուրդը` ընտրութիւնները ամբողջացնելու առիթով:
Անոնք իշխանութիւնները լիազօրած են ալ աւելի ամրապնդելու Արցախի անվտանգութիւնը եւ ներկայացնելու զայն խաղաղ գործընթացին մէջ: Մենք կը շարունակենք Արցախի հետ մեր սերտ համագործակցութիւնը` մեր ընդհանուր նպատակներուն հասնելու համար»,- գրած է Փաշինեան «Թուիթըր»-ի իր էջին: