Փաշինեան-Մետվետեւ հեռախօսազրոյց

2019-10-31
Image

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի վարչապետեր Նիկոլ Փաշինեանը եւ Տմիթրի Մետվետեւը հեռախօսով քննարկած են երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հրատապ հարցեր, կը տեղեկացնէ ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն՝ յղում կատարելով կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան։

«Տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց Ռուսաստանի կառավարութեան նախագահ Մետվետեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի միջեւ։ Զարգացնելով Մոսկուայի մէջ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի շրջածիրէն ներս 25 հոկտեմբերի զրոյցը՝ Մետվետեւը եւ Փաշինեանը քննարկեցին ռուս-հայկական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հրատապ հարցերը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։