Փաշինեան մասնակցած է«Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութեան կողմէ վերակառուցուած «Յաղթանակ» ենթակայանի բացման արարողութեան

2019-10-25
Image

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան «Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութեան կողմէ վերակառուցուած «Յաղթանակ» ենթակայանի բացման արարողութեան: Այս  մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը:

Աշխատանքները ընթացած են Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան նիւթական յատկացումով իրականացող «Ելեկտրամատակարարման յուսալիութեան ծրագրի լրացուցիչ ֆինանսաւորում» ծրագիրի ծիրէն ներս:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան մատնանշեց երկկողմանի յանցագործութեան ծրագիրներու ծաւալով մեծագոյն նուիրատու Համաշխարհային դրամատան աջակցութեամբ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ իրականացուած մեծածաւալ ծրագիրներու դերն ու նպաստը Հայաստանի ելեկտրականութեան ոլորտի յուսալիութեան բարձրացման գործին մէջ:

Նախարարին համաձայն՝ այս կայանը մեծ կարեւորութիւն ունի Երեւանի հարաւ-արեւմտեան հատուածի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի շարք մը բնակավայրերու յուսալի ելեկտրամատակարարման ապահովման առումով։ Ան արձանագրեց, որ վերակառուցման աշխատանքներուն ընթացքին կառուցուած նոր՝ 110 քիլովաթ բաց բաշխիչ սարքաւորումներու, տեղադրուած SCADA համակարգին շնորհիւ պիտի բարձրանայ ելեկտրահաղորդակցման ցանցի հզօրութիւնը, ինչպէս նաեւ Երեւանի կեդրոնի եւ հարաւային շրջաններու սպառողներու ելեկտրամատակարարման կայունութիւնը: Պապիկեան նաեւ նկատել տուաւ, որ սարքաւորումներու խափանման պատճառով վթարային անջատումներու քանակը պիտի նուազի, պիտի կրճատուին նաեւ շահագործման ծախսերը:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Յակոբ Վարդանեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց՝ անիկա արտադրող կայան չէ, ենթակայան է:

1988ին հիմնուած «Յաղթանակ» ենթակայանի վերանորոգման աշխատանքները սկսած են 2016ի Յուլիսէն, անոնք յաջողութեամբ իրականացնելու համար ներդրուած է շուրջ 14 միլիոն տոլար: Այժմ ժամանակակից արհեստագիտական սարքաւորումներով յագեցած ենթակայանին մէջ կ՛աշխատի 15 հոգի: