Փաշինեան կը վստահեցնէ՝ «Պիտի շարունակենք պայքարը կաշառակերութեան դէմ»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած է Հակակաշառակերային քաղաքականութեան խորհուրդի հերթական նիստը։
Վարչապետ Փաշինեանը նշած է, որ մինչ բուն օրակարգին անցնիլը քանի մը շեշտադրում կը ցանկայ ընել։ Կառավարութեան ղեկավարը, մասնաւորապէս, իր խօսքին մէջ նշած է. «Կը կարծեմ՝ ակնյայտ է բոլորին, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կաշառակերութեան դէմ ամբողջական պայքար մղելու քաղաքական կամք ունի, այս հարցին մէջ հետեւողական է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ հետեւողական»։
«Մենք քաղաքական խնդիր ձեւակերպած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պէտք է ձեւաւորուի եւ ձեւակերպուի կաշառակերութեան նկատմամբ հանրային զէրօ հանդուրժողականութիւն, եւ սա այն քաղաքական նպատակն է, որ մենք յանձն առած ենք իրագործել: Ի հարկէ, այսօր մենք պիտի քննարկենք հակակաշառակերութեան ռազմավարութիւնը, միջոցառումներու ծրագիրը։ Սա դեռ կառավարութեան որոշում պէտք է դառնայ, պէտք է շրջանառուի, բայց կը կարծենք, որ արդէն նոյնիսկ առկայ է փաստաթուղթ մը, որու հենքի վրայ կրնանք շատ լուրջ եւ յստակ աշխատանք իրականացնել», - նշած է վարչապետը։
Ըստ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, նիստի օրակարգի շրջածիրէն ներս Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը անդրադարձած է Հակակաշառակերային ռազմավարութեան հիմնական ուղղութիւններուն՝ համակարգի զարգացում, կաշառակերութեան կանխարգելում, կառակերութեան յանցագործութիւններու բացայայտում, հակակաշառակերային կրթութիւն եւ իրազեկում եւ՝ այդ ուղղութիւններով նախատեսուող քայլերուն: