Փաշինեան․ ՀԱՊԿ-ը կայունութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր գործօնն է մեր տարածաշրջանին մէջ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Այս մասին Երեւանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Մենք կարծում ենք, որ ՀԱՊԿ-ը կայունութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր գործօնն է մեր տարածաշրջանում, մենք մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս ՀԱՊԿ-ի շրջանակներում մեր համագործակցութեան բոլոր երեք ուղղութիւններին: Առաջին հերթին դա արտաքին քաղաքական համակարգումն է, ռազմաթեխնիքական համագործակցութիւնը եւ, ի հարկէ, անվտանգութեան ոլորտում մեր ընդհանուր մօտեցումը ընդհանուր սպառնալիքներին: Ի հարկէ, ցաւօք, սպառնալիքները նոյնպէս փոխւում են, եւ մենք պէտք է արձագանգենք դրանց: Ի հարկէ, մեր կազմակերպութիւնը պէտք է համապատասխանի տարածաշրջանային եւ համաշխարհային արդի իրողութիւններին: Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ մենք բաւական կառուցողական համագործակցում ենք կազմակերութեան յետագայ զարգացման ուղղութեամբ»,- ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները յաջողած են համաձայնութեան գալ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցին շուրջ, եւ նշած, որ յետագային նման խնդիրներէն խուսափելու համար հարկաւոր է որոշակի իրաւական փոփոխութիւններ մտցնել ՀԱՊԿ կարգաւորումներուն մէջ: