Փաշինեանի կոչը Հայաստանէն դուրս բնակող ՀՀ քաղաքացիներուն. «Եկէք եւ մասնակցեցէք հանրաքուէին»

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերով կարեւոր յայտարարութիւն ըրած է արտերկիր բնակող ՀՀ քաղաքացիներուն համար:
«Ես գիտեմ, որ տասնեակ հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ կային, որ շատ կ'ուզէին 2018 թուականի ոչ բռնի թաւշեայ յեղափոխութեան մասնակցիլ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, բայց տարբեր պատճառներով չեն կրցած: Սիրելի հայրենակիցներուն կ'ուզեմ ըսել, որ կրկին այդ հնարաւորութիւնը ստեղծուած է եւ կոչ կ'ընեմ այսօրուընէ օդանաւի տոմսեր պատրաստել մինչեւ 5 ապրիլը Հայաստան գալու եւ հանրաքուէին մասնակցելու համար՝ հաշուի առնելով այն, որ 13 ուղղութիւններով բացուած են մատչելի թռիչքներ: Կրնաք մատչելի գիներով գալ Հայաստան, մասնակցիլ յեղափոխութեան համար կարեւոր այդ հանրաքուէի կայացման:
Կոչ կ'ընեմ, որ այսօրուընէ օդանաւի տոմսեր պատուիրէք, գաք Հայաստան եւ հանրաքուէին մասնակցիք, այո ըսէք յեղափոխութեան, այո ըսէք արդարութեան, այո ըսէք օրինականութեան, այո ըսէք ազատ եւ երջանիկ Հայաստանին, ազատ եւ երջանիկ ներկային եւ ապագային: Կը հանդիպինք 5 ապրիլին, ընտրական տեղամաս»,-նշած է Փաշինեանը: