Փաշինեանի հանդիպումը Թրամբի հետ մեր օրակարգին վրայ է. Զօհրապ Մնացականեան

«Սփութնիք Արմինա», ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ Պետքարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հնարաւոր հանդիպման պայմանաւորուածութիւն այս պահին չէ եղած։ Այս մասին այսօր լրագրողներու հետ իր ունեցած զրոյցի ժամանակ յայտնած է ՀՀ ԱԳ նախարար Զօհրաբ Մնացականեանը։
«ԱՄՆ նախագահ Թրամփի և պետքարտուղար Փոմփէոյի հետ հանդիպում մեր արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ կայ։ Պիտի ըլլայ, երբ պիտի ըլլայ»,– ըսած է նախարարը։
Լրագրողներուն դիտարկումին, թէ ՀՀ դիւանագիտական կազմին չի յաջողուիր կազմակերպել Փաշինյանին հանդիպումը ԱՄՆ ղեկավարներուն հետ, Մնացականյան չհամաձայնուեցաւ` ըսելով. «սխալ կ՛ըսեն»։
«Թրամփին և Փոմփէոյին հետ հանդիպում չենք ունեցած, բայց ատկէ մեր յարաբերութիւններու մակարդակը ԱՄՆ–ի հետ չէ նուազած»,– ըսած է Մնացականեանը։
Յիշեցնենք` 22 սեպտեմբերին նախանշուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին այցը Միացեալ Նահանգներ, մասնակցելու համար ՄԱԿ–ի գլխաւոր ժողովին։
Նոյն օրը վարչապետ Փաշինեան Լոս Անճելոսի ժամանակով ժամը 16.00-ին պիտի հանդիպի հայ համայնքին հետ։