Տօնոյեանը հերքած է իր հնարաւոր հրաժարականի մասին լուրերը

2019-09-18
Image

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը արդարացուած չի համարեր լուրերը, այն մասին, թէ ինք կը պատրաստուի հրաժարական տալ: Տօնոյեան այս մասին ըսած է ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ:

Անդրադառնալով լրագրողի դիտարկման, թէ, լուրերու համաձայն, ինք կը պատրաստուի հրաժարական տալ, Տօնոյեանը ըսած է՝ չկայ նման բան: «Լուրերը արդարացուած չեն»,-ըսած է Տօնոյեանը:

Հարցին, թէ արդեօք նման քննարկում չէ՞ ունեցած վարչապետի հետ, Տօնոյեանը պատասխանած է. «որեւիցէ»:

Անդրառնալով իր եւ Նիկոլ Փաշինեանի փոխյարաբերութիւններուն՝ Տօնոյեանը նշած է՝ չեն կրնար տարաձայնութիւններ ըլլալ: 

Ան նշած է նաեւ, որ ՊՆ-ի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու պաշտօնանկութիւններ չեն սպասուիր: