ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կազմած է 48,72 տոկոս

Երէկ 19 համայնքներու մէջ տեղի ունեցող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու քուէարկութեան ժամը 20.00-ի դրութեամբ մասնակցած է ընտրութեան իրաւունք ունեցող 44339 քաղաքացիներէն 21603-ը կամ ընտրողներու 48,72 տոկոսը։
Նշենք, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի ունեցած են Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Տաւուշի եւ Շիրակի մարզերու 19 համայնքներու մէջ, որոնցմէ 13-ին մէջ ընտրութիւնները հերթական են, իսկ 6-ին՝ արտահերթ:
Նշուած համայնքներէն 12-ին մէջ ընթացած են միայն համայնքի ղեկավարի, 6 համայնքի մէջ` միայն աւագանիի անդամի, եւ մէկ համայնքի մէջ միաժամանակ տեղի ունեցած են համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի անդամի ընտրութիւններ:
Նշենք, որ 20.00-ի դրութեամբ ընտրատեղամասերը փակուած են եւ սկսած է ձայներու հաշուարկը: