Տիգրան Աւինեան դիմած է նախագահին 1698 անձի ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու առաջարկութեամբ

2020-03-12
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեան դիմած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին 1698 անձի ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու համար: Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Տիգրան Աւինեան.

«Հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան մասին» օրէնքը՝ երէկ առաջարկութիւն ներկայացուցած եմ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհել 1698 անձի: Այն հանգամանքը, որ նման քանակի մարդիկ ցանկութիւն կը յայտնեն դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ այդպիսով դառնալով նաեւ հայկական պետականութեան մէկ մասը, կ'ոգեշնչէ ու լրացուցիչ ուժ կու տայ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ ու ջանքով կատարելու մեր աշխատանքը», -նշած է Տիգրան Աւինեան: