Տակաւին վաղ է խօսիլ «Քորոնա»ի նուազումին մասին. ԱՆ Խօսնակ

«Այս պահին փաստացի «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ բուժում է ստանում 10 հազար 529 հիւանդ, նրանցից մօտ 8 հազարը տանն են գտնուում, մնացածը արդէն հիւանդանոցում են: Նախօրէին կատարել ենք շուրջ 2 հազար հետազօտութիւն, եթէ աւելի յստակ ասեմ` 1956»,- «Ազատութեան» փոխանցեց առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան:
Արդեօ՞ք 425 հաստատուած դէպքը կարելի է համարել վարակուածներու թիւի նուազումի միտում։ Անցեալ շաբաթ օրական հաստատուած դէպքերը որոշ օրեր 700-էն աւելի էին։ «2 հազարի դէպքում իրականում 425-ը նուազում է, բայց որեւէ գնահատական տալ, թէ արդէն գնում է դէպի նուազում, դեռ վաղ է: Պէտք է նայել առաջիկայ օրերի` մէկ շաբաթուայ կամ 10 օրուայ վիճակագրութիւնը, որպէսզի կարողանանք նման գնահատական տալ», - ըսաւ Նիկողոսեան:
Այս պահուն կը շարունակուի յատկապէս մարզային հիւանդանոցներու մահճակալներու թիւի յաւելումը, ուր կրնան բուժում ստանալ քովիտով վարակուածները։ Չնայած որ մահճակալային ազատ տեղերու աճ կայ, միեւնոյն է, վիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ, Յունիս 15-ի երեկոյեան «Ազատութեան» «Ֆէյսպուքեան ասուլիսի» եթերով, յայտարարեց առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան։ Ան ըսաւ, թէ հիւանդանոցային մահճակալներու յաւելումը չի կրնար փոխարինել հակահամաճարակային եւ զսպման գործողութիւնները, այլ միայն կրնայ լրացնել։