Վրաստանի վարչապետը պիտի ժամանէ Հայաստան

2019-10-14
Image

Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ 15 հոկտեմբերին, տեղեկացուցած է Վրաստանի պատգամաւոր Էնզել Մկոյեանը, կը հաղորդէ «Sputnik-Կրուզիա»-ն:

Այս պիտի ըլլայ վարչապետի պաշտօնին Կախարիայի առաջին այցը Հայաստան: Ան ստանձնած է Վրաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը 8 Sեպտեբերին:

«Պարոն Կախարիան մէկօրեայ պաշտօնական այցով պիտի ժամանէ Հայաստան 15 հոկտեմբերին: Պատուիրակութեան կազմին մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ներառուին արտաքին գործոց, ներքին գործոց եւ տնտեսութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի փոխխօսնակը»,- Sputnik-Արմենիա գործակալութիւնը մէջբերած է Մկոյեանի խօսքերը:

Կախարիան սկսած է իր տարածաշրջանային այցերը Ատրպէյճանէն, ուր ան մեկնած էր 9 հոկտեմբերին: Վրաստանի վարչապետը Երեւանէն պիտի ուղեւորուի Թուրքիա:

Կախարիան ընդհանուր առմամբ երկու անգամ այցելած է Երեւան որպէս Վրաստանի տնտեսութեան նախարար 2017 թուականի յունիսին եւ որպէս ՆԳ նախարար 2018-ի փետրուարին:

Վրաստանն ու Հայաստանը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 17 յուլիս 1992-ին: