Վերաքննիչ դատարանը ազատեց Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէն

2020-06-18
Image

ՀՀ Քրէական վերաքննիչ դատարանը քիչ առաջ, Արսէն Նիկողոսեանի նախագահութեամբ, երրորդ դատական նիստին բաւարարեց Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու բողոքը Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշման դէմ:

Յիշեցնենք՝  Աննա Դանիբեկեանը 13 մայիսի նիստին մերժեր էր Ռոպերթ Քոչարեանը գրաւով կամ անձնական երաշխաւորութեամբ ազատելու կամ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած կալանքը վերացնելու՝ պաշտպաններու 3 միջնորդութիւնները:

Դատարանաը որպէս խափանման միջոց կիրառեց գրաւ` 2 միլիառ դրամի չափով: