Վերամուտը Արցախի մէջ. 217 դպրոցներ վերաբացին իրենց դռները

Սեպտեմբեր 1-ին, Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը, Արցախի Հանրապետութեան 217 դպրոցներու մէջ հնչած է Առաջին զանգը: «Արցախբրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ՝ վաղ առաւօտեան Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) անուան N 2 դպրոցի բակը եւս մարդաշատ էր:
Ան, գիտելիքի եւ դպրութեան տօնի առթիւ շնորհաւորած է ուսուցիչները եւ աշակերտները, մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ ուսման բնագաւառէն ներս:
Աղբիւրի համաձայն, այս տարի առաջին դասարան կը յաճախէ շուրջ 2400 երեխաներ, որոնք պէտք է նաեւ գիտելիքով ամուր պահեն Արցախի անկախութիւնը եւ զարգացնեն տնտեսութիւնը: