Վարչապետ Փաշինեան 100 նոր փաստ ներկայացուց Կառավարութեան դրական գործունէութեան մասին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Սեպտեմբերին Վանաձորի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ներկայացուց նախորդ մէկ տարուան ընթացքին կառավարութեան գործունէութեան եւ իրագործումներուն վերաբերող 100 փաստեր:
Ասուլիսի ընթացքին, խօսելով Ղարաբաղեան տագնապին մասին՝ Փաշինեան յայտնեց. «Եթէ Ատրպէյճանն ըսէ, որ Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ ատրպէյճանական կողմի այս սկզբունքը բացարձակ է ու զիջում չճանաչցող, ուստի Հայաստանն ալ պէտք է ըսի՝ Արցախը Հայաստանն է եւ վերջ: Խնդիրն այն է, որ Ատրպէյճանն անընդհատ կը յայտարարէ, թէ ղարաբաղեան հարցը մէկ սկզբունքով կը լուծուի՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներէն ներս: Սակայն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ աշխատանքային քննարկումներու ընթացքին ըսուած է, որ Ղարաբաղի կարգավիճակը կրնայ ըլլալ տարբեր, ընդհուպ՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս»:
Ան անգամ մը եւս հաստատած է, որ Ղարաբաղի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի ու Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար՝ յիշեցնելով նաեւ, որ ինք եղած է Հայաստանի առաջին ղեկավարը, որ խօսած է Ատրպէյճանի ժողովուրդին կողմէ ընդունելի լուծման մասին եւ քննադատուած ատոր համար:
Անդրադառնալով Ամուլսարի հանքի հարցին, ան շեշտած է, որ չշահագործուելու պարագային խնդիրներ պիտի յառաջանան Հայաստանի վարկանիշին առնչուող: «Հայաստանի համբաւը վտանգի առաջ կը կանգնի, որ շղթայական խնդիրներ կրնան առաջացնել: Բայց միւս կողմէ, եթէ Հայաստան երթայ ճշմարտութեան ետեւէն մինչեւ վերջ, որ կը պարզի, որ այդ հանքը չի կրնար շահագործուիլ մեր օրէնքներու, բնապահպանական նորմերու տեսանկիւնէ, այդ պարագային Հայաստան ոչ մէկ համբաւի վնաս չի կրեր, որովհետեւ Հայաստան բոլոր առումներով կ'ապացուցէ, որ մինչեւ վերջ բոլոր նրբութիւններով եղած է ճիշդ՝ ՀՀ եւ միջազգային օրէնքներուն համապատասխան», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ շահագործման պարագային կարելի է տնտեսական օգուտներ քաղել:
Բայց եւ այնպէս վարչապետը նշած է, որ, անկախ անկէ՝ Ամուլսարը կը շահագործուի, թէ՝ ոչ, Հայաստանի տնտեսական կանխատեսումները բաւական լաւ են: «Մենք խնդիր դրած ենք 8-9 տոկոս տնտեսական աճ ապահովել: 18-19ին անցումային էր, թէպէտ այսօրուայ տնտեսութեան վիճակը անցումային փուլի մասին խօսելու հիմք չի տար: Յստակ արձանագրած եմ, որ տնտեսութիւնը մեր ուղերձները ընկալած է, եւ այդ շրջանակէն ներս տեղի կ'ունենան զարգացումներ», շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան:
Փաշինեան նաեւ լուսարձակի տակ առած է «Դրամատնային գաղտնիքի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծը՝ նշելով, որ անկէ ետդարձ չկայ։ «Բոլոր անոնք, որոնք այս որոշման հետ կապուած ուղղակի աղմուկ կը բարձրացնեն, այդ աղմուկը բարձրացնելու հիմքեր չունին: Ես առիթով մը ըսած եմ, որ փտածութեան դէմ պայքարի օրինական մակարդակով մենք պէտք է սքանտինաւեան երկիրներու մակարդակ ունենանք: Որեւէ մէկը կրնա՞յ բացատրել՝ երբ այդ համակարգը կը գործէ սքանտինաւեան երկրներու, եւրոպական երկրներու մէջ, ապա տնտեսութիւնը ինչո՞ւ չի փլուզուիր», ըսած է վարչապետը:
Անոր համաձայն՝ կառավարութեան նիստին ինք եւս շեշտած է, որ փտածութեան դէմ կարելի չէ կիսապայքար տանիլ, այլ՝ լիարժէք պայքար: «Միւս կողմէ ալ հանրութիւնը կ'ըսէ՝ թալանուածը ինչու ետ չէք բերեր: Ճիշդ կ'ըսեն, ետ կը բերենք, բայց բաւարար թեմփերով ետ չենք բերեր, քանի որ այդ կաշառակեր համակարգը, որ ստեղծուած է, ինքը իր համար օրէնքներ ու սահմանափակումներ ընդունած է, որ դուք՝ որպէս լրագրող, մենք բոլորս չկարողանանք հասանելիութիւն ունենալ եւ ամբողջական պատկերը տեսնենլ», դիտել տուած է ան՝ աւելցնելով, որ օրէնքին գծով պէտք չէ աղմուկ բարձրացնել, այդ օրէնքը պիտի ընդունուի եւ փտածութեամբ ձեռք բերուած փողերը մինչեւ վերջին կոպեկ պիտի վերադարձուի պետական պիւտճէին, պիտի ծառայեն բանակին եւ Հայաստանի անվտանգութեան։
Վարչապետը նշած է, որ խոստացած են Արցախի մէջ մինչեւ 2020 պաշտպանութեան բանակի բոլոր զինուորներուն բնակարանային խնդիրները լուծել, այսինքն՝ տասնեակ տարիներով բնակարանի համար հերթագրուած զինուորները բնակարան պիտի ունենան: «Ու այդ մեծ խնդիր չէ, մեր հաշուարկներով մօտաւորապէս 25 միլիառ դրամի պատմութիւն է», -ընդգծած է ան։