Վարչապետ Փաշինեան Տնտեսական դրական ցուցանիշներ ներկայացուց

2019-08-29
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է Յուլիս ամսուան տնտեսական ցուցանիշները՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը առաջ կը շարժի բաւականին աշխոյժ քայլերով: Այս մասին կը ՀՀ վարչապետը գրառում կատարած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին: 

«Յուլիսի տնտեսական թիւերը բաւական տպաւորիչ են: Ունինք Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշ՝ 8,1 տոկոս: Սա հրաշալի թիւ է:

Բացի այդ՝

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալի աճ՝ 16,1 տոկոս,
Շինարարութեան աճ՝ 4,1 տոկոս, 
Առեւտուրի շրջանառութեան աճ՝ 9,1 տոկոս, 
Ծառայութիւններու աճ՝ 14,9 տոկոս, 
Միջին անուանական աշխատավարձի աճ՝ 8 տոկոս,
Արտահանման աճ՝ 19,5 տոկոս:

Ասոնք իսկապէս շատ լաւ թիւեր են: Հասկնալի է, որ սա չի նշանակեր, թէ մենք բոլոր հարցերը լուծեր ենք: Սա կը նշանակէ, որ առաջ կը շարժինք: Բաւականին լաւ ընթացքով»,- գրած է վարչապետը: