Վարչապետ Փաշինեան պիտի անդրադառնայ Կէորկի Կուտոյեանի մահուան հանգամանքներուն

2020-01-22
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր՝ 22 յունուարին Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ պիտի անդրադառնայ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահվան հանգամանքներուն առնչուող թեմային:

Այս մասին վարչապետն ըսած է իր «Ֆեյսպուք»-ի էջի ուղիղ եթերէն, երբ խօսած էր ամանօրեայ ծախսերու մասին:

«Մնացած հարցերու մասով համոզուած եմ, որ ե՛ւ ԱԱԾ նախկին տնօրէնի մահուան հանգամանքներու հետ կապուած, ե՛ւ սպանդանոցներու հետ կապուած հարցերը  պատգամաւորները պիտի բարձրացնեն եւ անոնց ես մանրամասն պիտի անդրադառնամ»,-ըսած է վարչապետը: