Վարչապետ Փաշինեան ուժգին սլաքներ ուղղեց նախկին իշխանաւորներուն եւ հոգեւորականութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համաձայն` Հայաստանի մէջ «մեծ հիասթափութեան» շրջանակէն ներս, առաջին հերթին նախորդ իշխանութեան ներկայացուցիչներն են: Այս մասին ան նշած է ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ: Նախապէս Փաշինեան նշած էր, որ կայ «մեծ հիասթափութիւն»:
«Յաջորդ խումբը, որ հիասթափուելու շատ որոշակի պատճառ ունի, նախկին իշխանութեան ենթակառուցուածքի մէջ ներգրաւուած մարդիկ են»,- նշած է ան, մանրամասնելով, որ անոնց կարգին կրնայ նշել որոշ փորձագէտներ, ֆէյսպուքեան աշխոյժ օգտատէրեր, որոնք նախորդ իշխանութիւններու PR-ով (Հանրային կապերով) կը զբաղէին:
Ըստ վարչապետին` «հիասթափած են» արեւմտամէտները, քաղաքական ուժերը, իշխանութեան մէջ եղած եւ իշխանութեան մօտ կանգնած երիտասարդները, ռուսամէտները, օլիգարխիան կամ նախկին օլիկարխները, յուսալի ֆինանսաւորումի աղբիւրէն զրկուած լրատուամիջոցները, հոգեւորականութիւնը, սփիւռքի որոշ կառոյցներ, նիւթական ակնկալիքով յեղափոխութեան մասնակցած մարդիկ:
«Արեւմտամէտները պէտք է հիասթափուէին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ արեւմտամէտ ուժեր չեն եկած իշխանութեան։ Ռուսամէտները պէտք է հիասթափուէին, որովհետեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներն իրենց իշխանութիւնը անոնց հետ պիտի չկիսէին։ Պէտք է հիասթափութիւն ապրէր օլիկարխիան կամ նախկին օլիկարխները, որ զրկուած է շատ արտօնութիւններէ։ Լրատուամիջոցները, որոնք զրկուած են յուսալի ֆինանսաւորման աղբիւրներէ»,- ըսած է վարչապետը:
Ան շեշտած է, որ Զանգուածային Լրատուութեան Միջոցներու (ԶԼՄ) մեծ խումբ մը կայ, որ կը շարունակէ ֆինանսաւորուիլ նախկին իշխանութիւններու կողմէ, անոնց հիասթափութեան պատճառն ալ այն է, որ կը հասկնան, որ այդ վիճակը երկար պիտի չշարունակուի. նախկին իշխանութիւններու գումարները պիտի աւարտին:
«Հայաստանի մէջ ակնյայտ կը դառնայ, որ հոգեւոր կեանքն արժէքներու եւ գաղափարներու սերմանման մեծ բացեր ու հարցեր ունի, որն ալ կ'առաջացնէ հոգեւորականութեան շրջանին լրջագոյն հիասթափութիւն»,- նկատել տուած է Փաշինեան։