Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց ԵԱՏՄ-ի աշխարհագրութեան ընդլայնումը

2019-10-02
Image

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական միութեան Բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին քննարկուած է ԵԱՏՄ 2018-ի պիւտճէի կատարողականը, ԵԱՏՄ 2020-ի պիւտճէն, ԵԱՏՄ միասնական ելեւմտական շուկայի կազմաւորման հայեցակարգը, ԵԱՏՄ ներքին շարք մը փոփոխութիւններ եւ Բարձրագոյն խորհուրդի յաջորդ նիստի վայրը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որպէս ԵԱՏՄ-ի մէջ նախագահող եւ հիւրընկալող երկրի ղեկավար, ողջունելով նիստի մասնակիցները՝ նշած է, որ իր համար մեծ պատիւ է հերթական նիստի ընթացքին անոնց ողջունել Երեւանի մէջ:

«Մեր կազմակերպութիւնը, որն արդէն 5 տարեկան է, շարունակում է տարեցտարի աւելի ամուր դառնալ: Այն արդէն ցոյց է տուել իր կենսունակութիւնը եւ գրաւչութիւնը՝ որպէս միջազգային միութիւն»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը։


Արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ԵԱՏՄ շրջածիրէն ներս աշխատուժի ազատ տեղաշարժի համար առկայ արգելքները վերացնելուն ուղղուած միջոցները, որոնք կը խոչընդոտեն աշխատուժի միասնական շուկայի ձեւաւորման:

Անոր խօսքով՝ ելեկտրոնային թուային ստորագրութիւններու փոխադարձ ճանաչումը հնարաւոր մատակարարներու՝ ելեկտրոնային ձեւաչափով գնումներուն անխոչընդոտ մասնակցութիւնը ապահովելու համար նոյնպէս առանձնայատուկ ուշադրութիւն պահանջող առաջնահերթ հարցերէն է, եւ անհրաժեշտ է բոլորի համար ընդունելի լուծում գտնել:

Նիկոլ Փաշինեանը նշած է նաեւ, որ անհրաժեշտ կը համարեն աշխոյժացնել համատեղ ջանքերը՝ ուղղուած ԵԱՏՄ երկիրներու միջեւ ազգային արժոյթներով հաշուարկներու անցման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման:


Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ Հայաստանը առանձնայատուկ կը կարեւորէ Եւրասիական տնտեսական միութեան արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնումը:  Անոր խօսքով՝ արդէն այս ամիս ուժի մէջ կը մտնեն Իրանի եւ Չինաստանի հետ համաձայնագրերը: Անոնց յետագայ իրականացումը, ըստ անոր, առաջնային է` երրորդ երկիրներու հետ առեւտրային համագործակցութեան իրական ընդլայնման ծիրէն ներս:

Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ յայտնած է, որ արդէն աւարտած են Սինկափուրի հետ բանակցութիւնները: Ստորագրուած է ԵԱՏՄ-ի, անոր անդամ երկիրներու եւ Սինկափուրի Հանրապետութեան միջեւ Ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրը: